2010-11-25 13:12:49

Անի Մարտիրոսեանի նուագահանդէսը Միլանոյի <<Գազա Արմէնա - Հայ Տուն>> մշակութային կեդրոնին մէջ


Շաբաթ 20 նոյեմբերին երեկոյան ժամը 20.30ին Իտալիոյ Միլանոյի <<Գազա Արմէնա - Հայ Տուն>> մշակութային կեդրոնին մէջ, կազմակերութեամբ Հայ Տունի վարչութեան եւ Musicale Kreisleriana ընկերակցութեան ու հովանաւորութեամբ Միլանոյի քաղաքապետարանի, տեղի ունեցաւ Իտալահայ հանրածանօթ դաշնակահարուհի Անի Մարտիրոսեանի նուագահանդէսը որ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։
Հանդէսին ներկայ էին մեծաթիւ հայեր եւ իտալացիներ որոնք հաճոյքով եւ գնահատանքով հետեւեցան հրամցուած նուագահանդէսին։
Անի Մարտիրոսեանը ծնած է Հայաստան եւ երաժշտական ուսմունքը աւարտած` Կոմիտաս երաժշտանոցի մէջ, Վիլլի Սարգիսեանի ղեկավարութեամբ։ 13 տարի է ի վեր օգնական է Միլանոյի միջազգային <<Դաշնամուրի մեկնաբանութիւնը >> դասընթացքի դասատու` Մաէսթրօ Էլի Բէրրոթթայի։ 2000 էն ի վեր Բաոլօ Ճէրարտիի հետ միասին հիմնած է <<Արամ Խաչատուրեան>> դաշնամուրային զուգերքը` 20րդ դարու նուագացանկը տարածելու դիտաւորութեամբ, յատուկէն անդրադառնալով հայ նուագացանկի։
Նուգահանդէսին ներկայ էին եւ ելոյթ ունեցան Հայաստանի pատուոյ Հիւպատոս Տիար Փիէթրօ Քիւչիւկեան եւ երաժշտագէտ Փրօֆ. Տանիլօ ֆարվելլին։







All the contents on this site are copyrighted ©.